2014-12-20 13:10:15

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` ''Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետ'' ընկերակցութեան անդամներուն հետ հանդիպում


Շաբաթ 20 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ` հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ, յաջորդաբար ընդունեց Հոլանտայի նորանշանակ դեսպան` Պուրպոն Տէ Բարմի իշխան` նորին գերազանցութիւն Ժայմ Պերնարտօն, Սան Մարինոյի հանրապետութեան նոր անուանուած դեսպան` Քլելիօ Կալասսի եւ Արժանթինի հանրապետութեան դեսպան` Տիար Էտուարտօ Ֆելիքս Վալտէսը։
Ժամը 12-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետ'' ընկերակցութեան անդամներուն եւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
Ձեզ կ`ընդունիմ ուրախութեամբ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ջերմ հիւրընկալութեան համար։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով ներկաներու տուած կեանքի վկայութիւնները ըսաւ՝ Ձեր պատմածները կը խօսին ստրկութեան եւ ազատագրման մասին, կը խօսին եսակենդրոնութեան մասին, որ յառաջ կու կայ այն մարդոց մօտ, որոնք իրենց գոյութիւնը կը հաստատեն ուրիշները եւ ուրիշներու առատաձեռնութիւնը չարաշահելով։
Ձեր վկայութիւնները լոյս կը սփռեն աղքատութեան շատ մը երեւոյթներու վրայ որոնք վիրաւորած են մեր աշխարհը եւ երեւան կը բերեն ամենէն վտանգաւոր թշուառութիւնը, որ պատճառ է միւս բոլոր թշուառութիւններուն՝ այսինքն Աստուծմէ հեռու մնալը կամ ինքնահաւանութիւնը առանց Աստուծոյ ըլլալու։ Այս կոյր թշուառութիւնն է, որ անձնական գոյութիւնը եւ նիւթական հարստութիւնը կը դնէ իբր նպատակ՝ իշխանութեան եւ հաճոյքի ձգտումով՝ ենթարկելով ուրիշին կեանքը այս նպատակներու իրականացման։
Տիրոջ ներկայութիւնն է որ կը յայտնաբերէ տարբերութիւնը բարիի ազատութեան եւ չարի ստրկութեան, որ մեզ կարող կը դարձնէ կատարելու բարի գործեր։ Տիրոջ ներկայութիւնը կը լայնեցնէ հորիզոնները, կը վերականգնէ միտքն ու զգացումները, մեզի կու տայ հարկաւոր ուժը յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները։ Հոն, ուր Յիսուս ներկայ է, կայ յարութիւն եւ կեանք։ Որովհետեւ ինքն է յարութիւնը եւ կեանքը։ Հաւատքը կը փոխադրէ անտարբերութեան եւ անհոգութեան լեռները։ Հաւատքը կը բանայ սիրոյ դուռը՝ մեր մէջ արթնցնելով մարմաջը հետեւելու Յիսուսի։ Հաւատքը մեզ կը մղէ բարիին՝ մեզ զինելով քաջութեամբ՝ հետեւելու բարի սամարացիի օրինակին։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը յիշելով Միութեան հիմնադիր Տոն Օրեսթէ Պենցիի օրինակը, որ իր կեանքը՝ խարսխուած Քրիստոսի սիրոյն մէջ, նուիրած էր աղքատներուն, արտաքսուածներուն եւ արհամարհուածներուն։
Վերջապէս յորդորեց ներկաները՝ հոգ տանիլ իրենց հոգեւոր կազմաւորման՝ սուրբ խորհուրդներու յաճախակի ընկալումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.